Լեզուներ եւ Պետութիւններ (Armenian (Western))

Published

Անգլերէնէն թարգմանեց Նարեկ Սէֆէրեանը

Արեւմտեան գերիշխանութեան հետեւանքներէն մէկը խօսելաձեւերու դասակարգումն է. որոշները լեզու կը կոչուին, որոշները՝ սոսկ բարբառ: Թէեւ կարծես կապ չունին այս երեւոյթները, պետութիւններու բաժնուած աշխարհ մը անմիջապէս կ’ազդէ ոչ միայն խօսելաձեւերու քաղաքական կարգավիճակներու, այլ մասնաւորապէս իրենց խօսողներու կեանքի իրավիճակին վրայ: Սակայն, աշխարհին այս մասնատումը՝ մօտաւորապէս, ըստ ՄԱԿ-ին, 200 պետութիւններու կարգի առարկայական իրականութիւն մը չէ: Մարդկութեան պատմութեան մեծամասնութեան ժամանակ այս քաղաքական էակները եւ սահմաններու իրենց բռնի վերահսկումը գոյութիւն չունէին: Արդի պետութիւնները հիմնականօրէն կախեալ են ազգայնական գործելաոճերու զարգացումներէն՝ ստեղծելով ընդհանուր անցեալի, հաւասար ինքնութեան, եւ մէկ լեզուի անհրաժեշտութեան պատրանքը: Այնուամենայնիւ, լեզուական բազմազանութիւնը պիտի շարունակէ մերժել ազգայնականութեան որեւէ ջլատող խօսույթ՝ ան ժխտելով զանազան լեզուներով:

Եթէ ի մտի ունենանք, որ մօտաւորապէս եօթ հազար լեզուներ կը գործածուին աշխարհով մէկ եւ միայն 200-ի չափ պետութիւն կայ, ակնյայտ կը դառնայ, որ միայն քանի մը պետութիւն՝ եթէ այդքան կան իսկ, միատարր են: Նոյն ատեն, ոչ-պաշտօնական լեզուներ ընդգրկող համայնքներ պետութիւններու վերահսկողութեան տակ կը մնան: Մեծաւ մասամբ, իսկ աւելի համակարգուած ձեւով Ի եւ ԻԱ դարերուն, շատ կառավարութիւններ լեզուական քաղաքականութիւն վարեցին որով պետութիւնը չընդունող լեզուներ յստակօրէն մերժեցին: Այս պատճառով, պաշտօնական ազգային խօսոյթներէն անդին գտնուող լեզուներ պիտի շարունակեն պաշտօնական լեզուական գործելաոճերու ոգիին հակասել: Այս տեսակ լեզուասպան քաղաքականութիւնը լեզուական բազմազանութեան անհետանալուն պատասխանատուն է, իսկ այսօր պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող արագութեամբ կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը բանեցնել: Բնիկ լեզուներ եւ պետական շրջանակներէն դուրս գտնուող լեզուներ աշխարհի քաղաքական կարգին գաղափարախօսութեան դէմ պայքարի համար գործիքներու կը վերածուին:

Թարգմանութեան արարքը հեռու չէ լեզուներու քաղաքական կարգավիճակի երեւոյթէն: Այդպէս է ե՛ւ թարգմանուող, ե՛ւ դէպի թարգմանուած լեզուներուն համար (աղբիւր եւ թիրախ լեզուները): Գերիշխող լեզուներու թարգմանութեան գործընթացը աջակցող բառարաններու հսկայ շարքի մը, պաշարներու համապարփակ հաւաքածուներու, եւ շատ գործիքներու կ’ապաւինին: Սակայն, առանց պետութեան՝ կամ նոյնիսկ համընդհանուր բանաւորութեամբ անոր դիմադրող լեզուներէ թարգմանիչներու համար թարգմանութեան արարքը իրականացնելու տարբեր ռազմավարութիւններ եւ գործիքներ պէտք է մշակուին. թարգմանութիւնն անխուսափելիօրէն հաւաքական աշխատանքի կը վերածուի, ուր աղբիւրները եւ բառարանները խօսքային համայնքին աւագները կ’ըլլան: Օրինակի համար, բնութեան վերաբերեալ թարգմանութիւն մը անտառի մասնագէտի մը հարկը կը զգայ, բայց իմաստասիրութեան վերաբերեալ՝ միտքի աւանդութեան հետ առընչութիւն ունեցող մասնագէտի մը: Ա՛լ աւելի ակնյայտ է սա քեզի համար, ով կը թարգմանես այս բառերը:

Թարգմանութեան անգամ հնարաւորութիւնը խնդրոյ առարկայ լեզուներու կարգավիճակէն կախում ունի. աւելի հաւանական է գերիշխող լեզուէ գերիշխող լեզու թարգմանութիւն տեսնել, քան առանց պետութեան լեզուներէ: Թարգմանութեան տեսութիւններ եւ գործելաոճեր ինչքանո՞վ կրնայինք հարստացնել եթէ թարգմանուող եւ դէպի թարգմանուած լեզուներու պարունակը ընդլայնէինք: Իրարմէ զգալիօրէն տարբերուող քերականական եւ լեզուական գործելաոճեր ունեցող լեզուներու միջեւ թարգմանութիւն կատարելու համար ի՞նչ ռազմավարութիւններ կրնանք իրագործել: Աշխարհը լեզուական բազմազանութեան ինչքա՞ն հարստութիւն կրնայ վայելել եթէ պետութիւններու կողմէ վճռական ոչնչացումը տեղի չունենար: Գուցէ այս իսկ հարցումները պատասխան կը ստանան հիմա իսկ՝ այս բառերը թարգմանելիս: ■

Այլ տեղերէ բացի՝ Նարեկ Սէֆէրեանը Նիւ Տէլհի, Երեւան, Սանթա Ֆէ, Պոսթոն, Վիեննա, Պոլիս, եւ Ուաշինկթըն ապրած, ուսանած, եւ աշխատած է: Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հրատարակուած ամենաառաջին կնապաշտ վէպերէն մէկի՝ Սրբուհի Տիւսաբի «Մայտա»-ին եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Ստեփան Յովնանեանին յուշերուն թարգմանոչն է՝ երկուքը Արեւմտահայերէնէ Անգլերէն: Գրութիւնները naregseferian.com կայքին առկայ են:

Nareg Seferian has lived, studied, and worked in New Delhi, Yerevan, Santa Fe, Boston, Vienna, Istanbul, and Washington, DC, among other places. He is the translator of Mayda by Srpuhi Dussap, one of the first feminist novels to be published in the Ottoman Empire, as well as the memoirs of Stepan Hovnanian, a survivor of the Armenian Genocide, both from Western Armenian to English. His writings are available at naregseferian.com.